2015-07-05 09:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնեցաւ Էքուատոր` առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուան։


(Ռատիօ Վատիկան) Երիտասարդութեան  համաշխարհային 28-րդ հաւաքին առթիւ Պրազիլ կատարած` առաքելական ճամբորդութենէն երկու տարիներ ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այլ առաքելական այցելութիւն մը կը կատարէ դէպի  Լատին Ամերիկա Էքուատոր` 5-8 յուլիս, Պոլիվիա` 8-10 յուլիսին եւ Փարակուէյ 10-12 յուլիս։

Կիրակի 5 յուլիսի առաւօտեան ժամը 9-ին Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն մեկնացաւ Էքուատոր` որ առաջին հանգրուանը կը հանդիսանայ, Պապին քահանայապետութեան առաքելական 9-րդ ճամբորդութեան, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ Լատին Ամերիկեան սպանախօս այլ երկու երկիրներ Պոլիվիան եւ Փարակուէյը։

Ֆրանչիսկոս Պապին սաւառնակը Քիթոյի  ''մարսիքալ սուքր'' միջազգային  օդակայան կը ժամանէ  տեղական ժամով 3-ին (իտալիոյ ժամով 22-ին) 13 ժամ տեւող ճամբորդութենէ մը ետք, սաւառնելով հետեւեալ երկիրներու վրայ. Իտալիա, Սպանիա, Փորթուկալ, Թրինիտատ ու Թոպակօ­, Վենեզուելլա Քոլոմպիա եւ ի վերջոյ Էքուատոր։

Քիթոյի օդակայանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը դիմաւորէ  Էքուատորի հանրապետութեան նախագահ Ռաֆայէլ Քորրէա ` ի ներկայութեան երկրին պետական իշխանութիւններուն եւ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին։

Հուսկ տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը որուն սկիզբը կը կատարուին երկու երկիրներու քայլերգերը, զինուորական յարգանք եւ նախագահին բարի գալուստի խօսքը որուն աւարտին խօսք կ՛առնէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ տեղի կ՛ունենան երկու պատուիրակութիւններու ներկայացում։

Բարի գալուստի արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապն ու իրեն ընկերացող շքախումբը կը փոխադրուին Քիթոյի առաքելական նուիրակութիւն որ կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին բնակավայրը։

Յաջորդ օր` երկուշաբթի 6 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛այցելէ Կուայաքիլի թեմը ու թեմին մէջ գտնուող Աստուածային ողորմութեան սրբավայրը։ Ան ապա բացօթեայ պատարագ կը մատուցէ ու կէսօրուան սիրոյ սեղանը կը բաժնեկցի Կուայաքիլի Յիսուսեան Միաբանութեան  եղբայրակիցներուն հետ մինչ երեկոյեան Քիթօ կը վերադառնայ  ուր այցելութիւն կը կատարէ երկրին նախագահին։

Երեքշաբթի 7 յուլիսին Նորին Սրբութեան յայտագիրը կը նախատեսէ հանդիպում Էքուատորի եպիսկոպոսներուն հետ, ապա պատարագ ''երկհազարամեայ'' այգիին մէջ հուսկ հանդիպում դպրոցական եւ համալսարանական աշխարհին ու քաղաքացիական հասարակութեան հետ։

Մինչ 8 յուլիսին Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ Քալքութայի Մայր Թերեզայի տարեցներու խնամակալութեան մէկ կեդրոնը եւ հանդիպում կ՛ունենայ Էքուատորի կղերական դասին հետ որուն աւարտին կը մեկնի առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան Պոլիվիա։

Յայտնենք թէ Առաքելական ճամբորդութեան բոլոր պատգամները պիտի արտասանուին սպաներէն լեզուով։ Նորին Սրբութիւնը պիտի արտասանէ ընդամէնը 22 ճառեր` մինչ փոխադրութեան համար պիտի օգտագործէ, այս առթիւ իրեն տրամադրուած ''պարզ'' ինքնաշարժներ եւ Քահանայապետական բացօթեայ փոխադրակառքեր։

Նորին Սրբութեան այս ճամբորդութեան պիտի ընկերանան, բացի եկեղեցական եւ վատիկանեան պատուիրակութենէն,  միջազգային մամուլը ներկայացնող` 75 լրագրողներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.